image

Սուրիա. Յայտնի են կառավարութեան անդամներուն անունները

Սուրիա. Յայտնի են կառավարութեան անդամներուն անունները

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, 30 օգոստոսին, հաստատած է կառավարութեան նոր կազմը։ Վարչապետի պաշտօնին նշանակուած է Հուսէյն Արնուսը։ ԱԳՆ եւ ՊՆ նախարարները պահպանած են իրենց պաշտօնները, կը հաղորդեն նախագահի գրասենեակէն։

«Նախագահ Ասատի հրամանով՝ նոր կառավարութիւնը պիտի գլխաւորէ Հուսէյն Արնուսը։ Զօրավար Ալի Ապտալա Այուպը նշանակուած է փախվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար, իսկ Ուալիտ Ալ-Մուալէմը՝ փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նոր կառավարութեան կազմին մէջ ընդգրկուած է 29 նախարար, որոնց շարքին՝ 2 կին, որոնք պիտի զբաղցնեն մշակոյթի եւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերով նախարարներու պաշտօնները։

Սուրիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած նաւթամուղի պայթումէն ետք նոր վարչապետը փոխած է նաւթի եւ ելեկտրական ուժանիւթի նախարարները։