Սէուտ Արաբական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին իրենց երկրի նախարարներէն մին այցելած է Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքի հիւսիսային արուարձանը, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուականը:
Ըստ Սաուտեան «Ուքազ» թերթին, Արաբական ծոցի հարցերով նախարար Թամեր Ալ Սապհան անցեալ երեքշաբթի օր Միջազգային դաշնութեան յանձնակատարին եւ ԱՄՆ նախագահի պատուիրակին հետ այցելած է Ռաքքայի հիւսիսային արուարձանի Այն Իսա շրջանը:
Այն Իսայի մէջ Ալ Սապհան հանդիպում ունեցած է Ռաքքայի քաղաքացիական խորհուրդին, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, քաղաքին ընդհանուր վիճակին ծանօթանալու համար:
Ըստ թերթի փոխանցած տեղեկութիւններուն, վերջերս Ուաշինկթըն Ռիատի հետ քննարկած է Սուրիոյ վերաշինութեան հարցը, հաստատելով, որ խոշորագոյն դերակատարը Սաուտեան Արաբիա պիտի հանդիսանայ: