image

Սաատ Հարիրի կրնայ զրկուիլ իր Սէուատական անձագրէն

Սաատ Հարիրի կրնայ զրկուիլ իր Սէուատական անձագրէն

Սէուտական Արաբիոյ մէջ լուրեր տարածուած են այն մասին, որ գահաժառանգ Մուհամմատ Պըն Սալման լրջօրէն կը մտածէ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին երկընտրանքի առջեւ կանգնեցնել, վերջինէս պահանջելով ընտրութիւն կատարել լիբանանեան եւ սէուտական քաղաքացիութեան միջեւ:

Ֆրանսական «La Monde» թերթին փոխանցմամբ, Հարիրի պիտի պարտաւորուի իր պատասխանը Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի միջոցով:

Ըստ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներուն, վերջինս իր ընտրութիւնը կատարելով որոշած է պահպանել լիբանանեան քաղաքացիութիւնը, սակայն մինչեւ այս պահը տակաւին իր որոշումը չէ փոխանցած Սէուտական Արաբիոյ: