Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան վարչութեան երկրորդ պալատի նախկին նախագահ զօր. Ռըսթոմ Ղազալիի մասին կը պատմուի, թէ մեծ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէր իր որդիին՝ Ապտոյի նկատմամբ: Սակայն, ըստ «Ալ Տիար» լրատուական կայքին, հօր մահէն ետք Ապտոյի կեանքը ամբողջովին փոխուեցաւ:
Ներկայիս Ապտօ Տուպայի հնդկական ճաշարաններէն մէկուն մէջ 1100 տոլար աշխատավարձով մատուցող կ'աշխատի, եւ չէ կրցած տիրանալ հօր պատկանող դրամական միջոցներուն, գոյքերուն եւ բնակարաններուն:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, օրերս Ապտօ իր հօր լիբանանցի բարեկամներէն մէկուն հետ կապ հաստատելով խնդրած է 500 տոլար փոխանցել, Տուպայի մէջ ասիացի բանուորներու հետ բնակելու փոխարէն առանձին բնակարան վարձելու համար: