Ռուսիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան հարցերով պատգամաւոր Ֆրանց Քլինցիւիչ յայնտած է, որ Ռուսիա Միջազգային անվտանգութեան խորհուրդին մօտ պիտի բարձրաձայնէ Սուրիոյ Ալ Թանֆ շրջանի բնակչութեան անբարենպաստ ապրուստի պայմաններու հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար»ը:
«Փախստականներու յուզիչ իրավիճակի առաւել բարդացման միակ պատճառը ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիան մասնատելու ուղութեամբ նորանոր նախագիծերու ստեղծումն է»,- յայտարարած է պատգամաւորը:
Վերջինս շեշտած է նաեւ, որ ԱՄՆ առաւել մեծ թափով կը շարունակէ Սուրիոյ հակամարտութեան մասնակցող զինեալներուն զինամթերք մատակրարելու գործընթացը, մանաւանդ այն բանէն ետք, երբ Ռուսիա որոշեց մինչեւ տարեվերջ իր ուժերու մեծ մասը հեռացնել Սուրիայէն:
«Հետեւաբար պէտք չէ, որ շտապենք մեր ուժերն այնտեղէն դուրս բերելու համար: Մենք չենք կրնար հեռանալ Սուրիայէն»,- համոզմունք յայտնած է խորհրդարանի անդամը: