Ռուսաստանի հովանաւորութեամբ գործող «Հաշտութեան կեդրոն»ը օժանդակութիւններ տրամադրած է Հոմսի Ռասթան քաղաքի բնակիչներուն: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար»ը նշելով նաեւ, որ այդ քաղաքը կը գտնուի ընդդիմադիրներու տիրապետութեան տակ:
Կեդրոնի ներկայացուցիչ Ալեքսի Սերկիեւ ըսած է. «Այս անգամ թախստականներուն յանձնուած է 400 սննդամթերքի արկղ, բաղկացած՝ ալուրէ, շաքարէ, բրինձէ եւ պահածոյ միսէ»:
Ռուս բժիշկները նաեւ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած են բնակչութեան եւ փախստականներուն, որոնց մեծ մասը կը տառապէր աղիքային բորբոքումէ, ինչպէս նաեւ շրջափակման ու բժշկական խնամքի լիակատար բացակայութեան հետեւանքով առաջացած քրոնիկ հիւանդութիւններէ:
Յիշեցնենք, որ այս ամսուայ սկիզբը Հոմսի հիւսիսային շրջանը լարուածութեան մեղմացման տարածքներուն կցելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր: