image

Ռուսաստան կը զգուշացնէ եւրոպական երկիրները

Ռուսաստան  կը զգուշացնէ եւրոպական երկիրները

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Զինամթերքի տարածման ու զինման դէմ հսկողութիւն իրականացնող բաժնի տնօրէն Միխայիլ Օլիանով յայտարարած է, որ Ռուսիա Միջին Արեւելքէն դուրս, այդ թուին նաեւ Ռուսիոյ մէջ քիմիական զէնքի կիրառման սպառնալիքներ կը նկատէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Օլիանով յայտնած է. «Ըստ մեր գնահատման, Սուրիոյ եւ Իրաքի, անգամ Միջին Արեւելքի սահմաններէն դուրս քիմիական յարձակումներ իրականացուելու մեծ վտանգ կայ, եւ հաւանական է, որ նման դէպքեր սկիզբ առնեն Աֆղանիստանէն, Ռուսիայէն եւ Արեւմտեան Եւրոպայէն»:

Նշենք, որ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քանի մը անգամ քիմիական զէնք կիրառելու վերաբերեալ Ռուսիա բազմիցս պահանջած էր քննչական գործողութիւններ իրականացնել, միաժամանակ արեւմտեան երկիրներուն կոչ ուղղելով, քիմիական զէնքի կիրառման հարցին մէջ, քաղաքական դրդապատճառներէ ելլելով մեղադրանք չուղղել որոշ կողմի դէմ: