image

Ռուսական մարդասիրական օժանդակութիւններ Լաթաքիոյ «Ուատի Գանտիլ»-ի բնակչութեան

Ռուսական մարդասիրական օժանդակութիւններ Լաթաքիոյ «Ուատի Գանտիլ»-ի բնակչութեան

«Սուրիոյ մէջ հաշտութիւն» ռուսական կեդրոնը յայտարարած է, որ ռուս զինուորները մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրած են Լաթաքիա նահանգի Ուատի Գանտիլ գիւղի բնակիչներուն:

Կեդրոնի ռուս սպայ՝ Ֆիաթչիսլաւ Ռումիանթսիֆ, թղթակիցներուն յայտնած է,որ այսօր, ռուս զինուորներ 250 ծրար ուտեստեղէն տրամադրած են Լաթաքիոյ շրջանի «Ուատի Գանտիլ»-գիւղի բնակչութեան, մանաւանդ, որ անոնցմէ աւելի քան 100 ընտանիք, կորսնցուցած են իրենց ապրուստը հայթայթող տղամարդոց՝ ահաբեկիչներու հետ բախումներու ժամանակ:

Ան ըսած է նաեւ, որ այս շաբթուան ընթացքին 500 ծրար ուտեստեղէն օժանդակութիւն փոխանձուած է Հոմսի մէջ գտնուող երկու գիւղերու :