Թուրքիոյ Իզմիրի դատարանը հինգ տարի ազատազրկման դատապարատած է Թուրքիոյ կողմէ վարբերուած ռուսական օդանաւի օդաչուն սպաննող Չէլիքը, ապօրինի զէնք պահելու մեղադրանքով: Այս մասին Sputnik–ին յայտնած է Չէլիքի փաստաբանը:
Այստեղ խօսքը նոյն Ալփասլան Չէլիքի մասին է, որ 24 նոյեմբեր 2015-ին, սպաննած էր ռուս օդաչու Օլէկ Փէշքովը, երբ թրքական F-16 տիպի կործանիչը հարուածած էր ռուսական Su-24-ին, որմէ ետք կրակած էր օդապարիկով վար իջնող օդաչուին վրայ:
Արսլան աւելի ուշ, ռուս օդաչու Օլէկ Փէշքովի մահուան պատասխանատուութիւն իր վրայ վերցուցած էր: Փաստաբանը յայտնած է, որ ան այսօր դատարանի կողմէ դատապարտուած է ապօրինի զէնք պահելու համար, իսկ օդաչուի սպանութեան հարցը տակաւին հետաքննութեան մէջ է:
Յիշեցնենք, որ Մուսկուա բազմիցս դիմած էր Անգարային, որպէսզի ձերբակալէ Չէլիքը, որ ազատութեն մէջ մնալով, Պոլսոյ մէջ թաղման մը արարողութեան ժամանակ, տեսաերիզի միջոցաւ հանդէս գալով արդարացուցած էր ռուս օդաչու Օլէկ Փէշքովի սպաննութիւնը՝ ըսելով, որ «վրէժխնդրութիւնը իր ամենաբնական իրաւունքն էր»: Նշուած էր նաեւ, որ Չէլիքը որդին է Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան (MHP) կողմէ ընտրուած նախկին թաղապետի մը: