«Wall Street Journal» թերթը յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները ազատ արձակած են աւելի քան 20 իշխաններ, որոնք վերջերս Պըն Սալմանի փտածութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ ձերբակալուած էին:
Թերթը նշած է նաեւ, որ ձերբակալուածները առաւել բուռն կերպով կ'ընդառաջեն իշխանութիւններուն հետ իրենց դրամական խնդիրները լուծելու առաջարկներուն, փոխարէնը իրենց ազատ արձակուիլը երաշխաւորել պահանջելով:
Աղբիւրին հաւաստմամբ, ներկայիս Ուալիտ Պըն Թալալի հետ բանակցութիւններ կ'իրականացուին, 6 միլիառ տոլարի դիմաց զինք ազատ արձակելու առաջարկով, սակայն Պըն Թալալի համոզմամբ, նման առաջարկ ընդունիլը իր կողմէ իր դէմ ուղղուած մեղադրանքը ընդունիլ կը նշանակէ, ինչպէս նաեւ ամբողջ 25 տարիներու ընթացքին կուտակած հարստութեան կորստին պատճառ կը դառնայ: