Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Պահրէյնի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարները չորեքշաբթի օր Գահիրէի մէջ ժողով մը պիտի գումարեն, քաթարեան ճգնաժամի շուրջ քննարկումներու վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ RT Arabic-ը:
Նշեալ եկիրները, ընդառաջելով՝ Տոհային յաւելեալ ժամանակ տալո Քուէյթի միջնորդութեան, 48 ժամով երկարաձգած են 13 կէտերէ բաղկացած պահանջներուն պատասխան տալու համար Քաթարին ներկայացուած պայմանաժամը:
Յիշեցնենք, որ արաբական չորս երկիրներուն կողմէ Քաթարին տրուած 10 օրուան պայմանաժամը աւարտած էր կիրակի երեկոյեան: Քաթար մերժած էր արաբական երկիրներու պահանջները, սակայն պատրաստակամութիւն յայտնած են երկխօսութեան: