image

Պըն Սալման խոշոր պետութեան մը հովանաւորութիւնը կը վայելէ. «Washington Post»

Պըն Սալման խոշոր պետութեան մը հովանաւորութիւնը կը վայելէ. «Washington Post»

«Washington Post» թերթի լրագրող Տէյվիտ Իգնատիոս Սէուտեան Արաբիոյ մէջ անցեալ շաբթուան վերջը տեղի ունեցած ձերբակալութիւնները նմանցուցած է Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած ձերբակալութիւններուն, երբ երկրի նախագահը կուսակցական եւ ռազմական ղեկավարութեան ամբողջ սերունդ մը փոխարինեց նորով, փտածութեան դէմ պայքարի քօղին տակ:

Լրագրողն իր յօդուածին մէջ բացայայտօրէն նշած է, որ  գահաժառանգ Պըն Սալման կը վայելէ ԱՄՆ նախագահ Թրամբի ու իր վարչակազմի մեծ օժանդակութիւնը, աւելցնելով, որ Սպիտակ Տան աւագ խորհրդականի ու Թրամբի փեսային անցեալ ամիս Սէուտեան Արաբիա կատարած այցը աննպատակ չէր:

Իգնատիոսի կարծիքով, Պին Սալմանի կողմէ իրագործուած ձերբակալութիւնները վտանգաւոր խաղ է, զոր վերջինս կը խաղայ, իր իշխանութիւնը շահագործելով, նպատակ ունենալով իրեն համար առաւել հաստատուն իշխանութիւն հիմնել:

Թագաւորական ընտանիքի անդամներէն շատերը ձերբակալելով, Պըն Սալման, ըստ լրագրողին, նպատակ ունի վերացնել երկրին մէջ աւանդութիւն դարձած իշխանութիւնը սերունդէ սերունդ ժառանգելու սովորոյթը:

Միաժամանակ Իգնատիոս համոզուած է, որ Պին Սալմանի մեթոտը պիտի արժանանայ երիտասարդութեան ոգեւորութեան, որովհետեւ սերունդներ շարունակ երկիրն արդէն քայքայուած է փտածութեան պատճառով, մինչդեւ 32-ամեայ էմիրը երիտասարդութեան յոյսն է, երիտասարդ երկիր վերակառուցելու եւ տարիքով առաւել մեծ էմիրներու գործունէութիւնը դադրեցնելու: