image

Պոլսոյ մէջ խումբ մը իսլամներ պահանջած են Ս. Սոֆիայի տաճարը մզկիթ դարձնել

Պոլսոյ մէջ խումբ մը իսլամներ պահանջած են Ս. Սոֆիայի տաճարը մզկիթ դարձնել

Պոլսոյ մէջ իսլամներու մեծ խումբ մը աղօթք-նամազ կարդացած են Ս. Սոֆիա տաճարին մօտ` պահանջելով տաճարը մզկիթ դարձնել: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ»ը:

Ներկայիս տաճարը իբրեւ թանգարան կը գործէ:

Նախաձեռնութիւնը իրականացուցած է Անատոլուի երիտասարդական ընկերակցութիւն կազմակերպութիւնը: