Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեանը։
Մարզական շրջանակներուն մէջ մեծ անուան տիրացած հայ վեթերանը 90 տարեկան էր։ Զաքարեան մեծ հռչակի հասած է յատկապէս 50-ականներուն եւ կը համարուի Թուրքիոյ արդի պատմութեան բռնցքամարտի կարեւորագոյն անուններէն ու ախոյեաններէն մին։
Իր ճարտարութեան եւ վարպետութեան համար Կարպիս Զաքարեան ձեռք բերած է «Երկաթէ բռունցք» ծածկանունը։
Մեծ մարզիկին վերջին յարգանքի արարողութեանց մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարուին աւելի ուշ։