Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան միջազգային օդակայանի ապահովական վիճակին մասին տարաբնոյթ լուրեր կը շրջին։
Խնդիրն այն է, որ Պէյրութը հարուածած աղէտալի պայթումէն ետք լիբանանցի լրագրողներ լուրեր սկսան տարածել այն մասին, որ օդակայանի անվտանգութեան համակարգը խոցելի վիճակի մը մէջ է եւ այն կրնայ յանգեցնել մեծ պայթումի, որ կրնայ նոյնքան աղէտալի ըլլալ, ինչպիսին էր Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը։
Աւելի ուշ երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն, քննարկելէ ետք իրեն հաղորդուած տեղեկութիւնները Պէյրութի օդակայանին մասին, հրաման արձակած էր արագօրէն նորոգութեան ենթարկել օդակայանի կարգ մը անսարքութեան մատնուած փոխադրութեան համակարգերը։
Իր կարգին երկրի հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան նախարար Միշէլ Նաժժար (անդամ Հասսան Տիապի հրաժարեալ կառավարութեան), որն այսօր այցելութիւն տուած էր Պէյրութի օդակայան, յայտարարած էր, որ օդակայանի անվտանգութեան համակարգի ընդհանուր վերանորոգումը դարձած է անյետաձգելի եւ այդ առումով պէտք է արագ քայլեր առնուին։
«Արեւելք» , այս տուեալները ի մի բերելով յանգած է այն եզրակացութեան, որ Պէյրութի օդակայանը վտանգուած չէ, բայց եւ այնպէս օդակայանի անվտանգութեան եւ փոխադրութեան համակարգերը պէտք է արագօրէն վերանորոգուին՝ հեռու մնալու համար ապահովական տիպի ցանկացած փորձութենէ։