image

Պէյրութի աղբի սքանտալը դարձեալ հրապարակ կ'ելլէ

Պէյրութի աղբի սքանտալը դարձեալ հրապարակ  կ'ելլէ

Ամերիկեան «Washington Post» թերթը անդրադարձած է բնապահպանութեան ոլորտի մէջ լիբանանեան վերջին խայտառակութեան, որ կը վերաբերի մայրաքաղքի աղբի տարհանման դէպի Զուք Միքայէլի ծովափը:

Թերթը նշած է, որ Լիբանան երկար ժամանակէ ի վեր ջուրի ու ելեկտրականութեան տագնապի առաջ կանգնած է, այնուհետեւ աղբահանութեան խնդիրն ի յայտ եկաւ, որ եւ պատճառ դարձաւ բողոքի ցոյցերու կազմակերպման, ընդդիմանալով երկրի քաղաքական ու պետական կառոյցներէն ներս տիրող փտածութեան դէմ:

Թերթը նշած է, որ Ռաֆիք Հարիրիի օդակայան ժամանած օտարերկրացի հիւրերը կը դիմաւորուին «Քոսթափրաւա» աղբավայրի քարշելի հոտով:

Յօդուածագիրին կարծիքով, աղբահանութեան խնդիրը յառաջիկայ ընտրութիւններու նախօրէին գլուխ պիտի բարձրացնէ, եւ «Ալ Քաթայէպ» կուսակցութեան ներկայացուցիչ պատգամաւոր Սամի Ժմայյէլ շեշտած է, որ մթնոլորտի ապականման հարցով միջազգային դատարան պիտի դիմէ: