image

Պէյրութ. Ցուցարաները փակած են «Ռինկ»ի գլխաւոր մայրուղին. Աւելի ուշ բոլոր ճանապարհները վերաբացուած են

Պէյրութ. Ցուցարաները փակած են «Ռինկ»ի գլխաւոր մայրուղին.  Աւելի  ուշ բոլոր ճանապարհները    վերաբացուած  են

Այսօր   առաւօտուն  ընթացք  առած  բողոքի  ցոյցերը  կը շարունակուին։ Ցուցարարները մասնաւորապէս  հաւաքուած են  Պէյրութի  կեդրոնական  փողոցներուն  մէջ  ու փորձած են ներխուժել    երկրի խորհրդարանի տարածք ու նաեւ վարչապետարան։

Աւելի ուշ  անոնք     փակած են Պէյրութի  կեդրոնական       շրջաններ  տանող       ճանապարհները եւ յատկապէս «Ռինկ»ի  մայրուղին։

Ցուցարարները  տարբեր շրջաններու մէջ    վառած են անիւներ ու նաեւ  կարգ մը  շրջաններ  պատուած են հրկիզուած  անիւներու  ծուխով։

Ցուցարարները   կը պահանջեն   վարչապետ   Սաատ Հարիրիի    կառավարութեան հրաժարումը, ինչպէս  նաեւ  երկրին առջեւ  ծառացած տնտեսական- ընկերային   հիմնահարցերու  լուծումը։

Կը  նշուի նաեւ, որ ապահովական  ուժեր    մեծ  ճիգ  գործադրելէ ետք կարողացած են վերաբանալ    դէպի Պէյրութի  կեդրոնական շրջան  տանող բոլոր ճանապարհները։ 

Ըստ  «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանին  ցուցարարներուն թիւը կը գնահատուի  3000-ով։