image

Պայթում Աթէնքի մէջ «EuroBank»ի մուտքին. Վնասները նիւթական են

Պայթում Աթէնքի մէջ «EuroBank»ի մուտքին. Վնասները նիւթական են

Աթէնքի Սանթառոզա փողոցի վրայ գտնուող «Եուրոպանք»ի մասնաճիւղերէն մէկուն առջեւ ռումբ պայթած է: Այս մասին կը հաղորդէ յունական «Զողլա» լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրը կը նշէ, որ լրատուական գործակալութիւնը զգուշացնող հեռախօսազանգ ստացած էր, ուր անծանոթ մը կ'ըսուէր, որ ռումբ տեղադրած է դրամատան մուտքին, որ պիտի պայթի 35 վայրկեան անց:

Գործակալութիւնը ստացած տեղեկութիւններու մասին անմիջապէս փոխանցած է ոստիկանութեան, որ իր հերթին շրջափակած է տարածքը եւ արգիլած երթեւեկութիւնը, սակայն չէր յաջողած նշուած ժամանակահատուիծին վնասազերծել եւ ռումբը պայթած էր:

Վնասները միայն նիւթական եղած են, դրամատան մուտքն ու քանի մը պատուհան վնասուած են: Ցարդ տեղեկութիւններ չեմ հաղորդուիր, թէ արդեօք ոստիկանութիւնը բացայայտած է հեղինակի ինքնութիւնը կամ անոր արարքի դրդապատճառը, թէ ոչ: