image

«Պաղ պատերազմ»ը պիտի վերադառնայ. «Politico»

«Պաղ պատերազմ»ը պիտի  վերադառնայ. «Politico»

«Politico» թերթը յօդուածով մը անդրադարձած է Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւններուն, նշելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ պաղ պատերազմ պիտի սկսի յառաջիկայ տարուան ընթացքին:

«Պաղ պատերազմը 2017 թուականի նշանաբանը չէ եղած, այլ աւելի քան տաս տարիներէ ի վեր վէճի առարկայ է, որ քանի մը ամիս անգամ ինքզինք ցոյց կու տայ, երբ Ռուսիա ու Արեւմուտք մեղադրանքներ կը փոխանակեն»,- կարծիք յայտնած է յօդուածագիրը:

Յօդուածագիրը նշած է նաեւ, որ ԱՄՆ-ի կեցուածքը Ռուսիոյ նկատմամբ փոփոխական է, եւ այն յստակ էր 2012 թուականի նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ, երբ Օպամա տակաւին պաղ պատերազմի աւերակներուն վրայ կանգնած էր, իսկ իր մրցակիցը զինք կը մեղադրէր Ռուսիոյ նախագահ Փութինին պէտք եղած չափով լուրջ չվերաբերելու մէջ:

Ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանին Օպամա հեգնած է իր մրցակից Ռումնին, երբ վերջինս յայտարարած էր, թէ Ռուսիա ԱՄՆ-ին անվտանգութեան կը սպառնայ:

Յօդուածագիրը նշած է նաեւ, որ Մոսկուայի «Քարնիկի» ռազմավարական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէնը գրած էր. «Բարի գալուստ երկրորդ պաղ պատերազմին»:

Ան շեշտած է, որ վերջերս բուռն կերպով կը քննարկուի պաղ պատերազմի հարցը, եւ այն կրնայ շատ վտանգաւոր ըլլալ, սակայն ըստ քաղաքական դիտորդներու, այն առաջինին վտանգաւորութեան աստիճանը պիտի չունենայ:

Ինչ կը վերաբերի ԱՄՆ-ի պատասխանին, յօդուածագիրը կարծիք յայտնած է, թէ ԱՄՆ պէտք է նախ նկատի ունենայ Ռուսիոյ ուժն ու քաղաքական ու աշխարհագրական դիրքը, նախքան պատասխանելու որոշում կայացնելը: