ԱՄՆ նախկին նախագահ Պարաք Օպամա զգուշացուցած է ԱՄՆ-ի դեմոկրատականութեան փխրունութենէն, որ կրնայ առաջնորդել նացիզմի առաջացման այնպէս, ինչպէս տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ մէջ, Հիթլէրի օրերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Շիքակոյի տնտեսական ակումբի նիստի ընթացքին Օպամա յայտնած է. «Վտանգը կ'աճի... եւ մենք պէտք է այս դեմոկրատական այգին խնամենք, այլապէս ամէն բան կրնայ մօտ ապագային խորտակուիլ»:
Օպամա յիշել տուած է, որ նոյն բանը տեղի ունեցաւ նախորդ դարու երեսունականներուն Գերմանիոյ մէջ, հակառակ անոր, որ երկրի մշակութային ու գիտական ոլորտները մեծ զարգացում կ'ապրէին, սակայն այն ենթարկուեցաւ Հիթլէրին, ու 60 միլիոն բնակիչ ոչնչացաւ: Ուշադի'ր եղէք, քուէարկեցէ'ք»:
Հակառակ անոր, որ Օպամա անուններ չէ նշած, սակայն անոր անուղղակի ակնարկները յստակօրէն ուղղուած էին ներկայ նախագահ Թրամբի դէմ: