Ռուսաստանի նախագահ Վլատմիր Փութին այսօր Սուրիա ժամանեց: Այս մասին լուրը փոխանեց «Հայ Ձայն» կայքը յղում ընելով Սուրիոյ նախագահականի պաշտօնական էջին: Կը փոխանցուի նաեւ, որ Վ. Փութին իր Սուրիացի պաշտօնակիցին հետ միասին մեկնած են «Հըմէմին» ռուսական զօրակայան, ուր Փութին հակիրճ խօսք մը արտասանած է կարեւորելով ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ ընթացող պայքարին շարունակութիւնը:
Նախագահ Փութինի այս անսպասելի համարուած այցելութեան դրդապատճառներուն մասին, տակաւին կ'անդրադառնանք: