image

Նախագահ Աուն «Սխալ է բոլորը մէկ ջուրով լուալը եւ ցոյցերը ժողովուրդի ցաւի արդիւնք են»

Նախագահ Աուն  «Սխալ է  բոլորը մէկ ջուրով լուալը  եւ  ցոյցերը   ժողովուրդի   ցաւի արդիւնք են»

Լիբանանի  հանրապետութեան նախագահ   Զօր. Միշէլ Աուն     Պաապտայի    մէջ  ընթացող   կառավարութեան  նիստին զուգահեռ  յայտարարութիւններով հանդէս եկած է։  Աուն ըսած է, որ   արդարացի   են երկրին    մէջ տեղի  ունեցող  ցոյցերը  եւ այդ  ցոյցերը կը  բխին քաղաքացիներու արդար պահանջներէն։ Աուն  նաեւ նշած է, որ արդար  չէ, բոլոր գործիչները  նոր   պրիսմակով նայիլ  եւ  բոլորը  իրար հաւասարացնել։

 Յիշեցնենք, որ  այսօր Լիբանանի մէջ ընթացող    բողոքի ցոյցերուն   5-րդ  օրն է  եւ  հազարաւոր քաղաքացիներ  կը պահանջեն վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ անոր կառավարութեան  հրաժարականը։