Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթը Մոսատի կին աշխատակիցներուն նուիրուած յօդուած մը հրապարակած է:
Յօդուածագիրն անդրադարձած է Մոսատի կին աշխատակիցին կողմէ Միւնիխի ջարդի գլխաւոր կազմակերպիչ, «Կարմիր իշխան» ծածկանունը կրող պաղեստինցի Ալի Սալամայի սպանութեան փորձին, որ կատարուած էր ամենայն բծախնդրութեամբ ու յաջողութեամբ պսակուած:
Մոսատի նախկին նախագահ Թամիր Պարտոյի համաձայն, աւելի քան 35 տարիներէ ի վեր Մոսատի կին աշխատակիցները մանսակցութիւն բերելով տարբեր մակարդակներու վրայ իրականացուող գործողութիւններու, մեծ կարողութիւններ ցուցաբերած են, եւ անոնք շատ աւելի յառաջացած են տեխնիկական ոլորտի, լրտեսութեան, տեղեկութիւններու վերլուծման եւ անգամ պատերազմական գործողութիւնններու մէջ:
«Մոսատի մէջ շեշտը ոչ թէ մարմնական, այլ մտաւոր կարողութիւններուն վրայ կը դրուի, հետեւաբար կիները Մոսատի մէջ աւելի լաւ արդիւնքներ կ'արձանագրեն, քան բանակի մէջ: Մեզի պէտք չէ 60քկ բեռ շալկող անձ, այլ պէտք են մարդիկ, որոնք միաժամանակ քանի մը յանձնարարութիւն կրնան կատարել, իսկ կիները ապացուցած են, որ նման ոլորտի մէջ գերազանց են»,- նշած է Պարտօ, աւելցնելով, որ իրենք սովորաբան շրջապատի մէջ գործունէութիւն ծաւալող այնպիսի կիներ կը փնտռեն, որոնք կրնան առանց կասկածներ առաջացնելու գործել: