Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով փախստականի կարգավիճակով Մոնթրէալ ժամանած Գարուճ Նազարեան պատասխանելով այն հարցին, թէ ինք որքան գոհ է իր նոր աշխատանքէն, թերի անգլերէնով եւ մեծ ժպիտով մը կը պատասխանէ «շատ լաւ է այստեղ աշխատիլ»:
Նազարեան, որ Գանատա հաստատուած էր շուրջ մէկ տարի առաջ, 6 ամիսներէ ի վեր սկսած էր աշխատիլ Մոնթրէալի մէջ Լեւոն Աֆէեանին պատկանող ատաղձագործական գործարանին մէջ: Լեւոն Աֆէեան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն խոյս տալով իր ընտանիքին եւ երկու եղբայրներուն հետ տեղափոխուած էր Գանատա 1975-ին: Անոր գործարանի արտադրած աթոռներ շինելու նրբատախտակները կը տարածուին ամբողջ հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին:
Աֆէեանի գործարանի 80 աշխատաւորներներուն 12 սուրիացի փախստականներէն մէկն է Նազարեան: Աֆէեան պատրաստակամութիւն յայտնած է իր մօտ գործի առնել եւս փախստականներ, երբ Գանատան իր սահմանը բանայ հազարաւոր այլ փախստականներու առջեւ, որոնք Սուրիոյ ծանր պատերազմին հետեւանքով կը փորձեն հասնիլ ապահով ափեր:
Աֆէեան կը նշէ, որ սուրիացի փախստական իր պաշտօնեաներուն համար ամենադժուարը ընդունիլն է, որ իրենց Գանատա տեղափոխուիլը մշտական է, «իրենք այդ մէկը դեռ չեն գիտակցիր» ըսած է ան, աւելցնելով «ժամանակ կ'ուզէ, որ մարդ իրականութիւնը ընդունի եւ ըսէ՝ ես ամէն ինչ կորսնցուցի. այս է եղածը»:
Աֆէյեան գործարանի տէրը ըլլալու կողքին, ան նաեւ ընկերային ծառայողի պարտականութիւն ստանձնած է: Անոր վերահսկած գործարանին մէջ տարբեր հակամարտութիւններու գօտիներէն խոյս տուած, աշխարհի չորս կողմէն եկած գաղթականներ՝ դրամ կը շահին իրենց ընտանիքներուն պէտքերը հոգալու համար, եւ միեւնոյն ժամանակ ձեռք կը ձգեն հմտութիւններ, ինչպէս նաեւ կը վճարուին՝ Ֆրանսերէն լեզու սորվելու համար:
Աֆէեան նշած է. «Պէտք է ժամանակ տաք անոնց: Եւ ամէնէն կարեւորը, անոնք պէտք ունին արժանապատիւ աշխատանքի, յարգուած ըլլալու: Յարգանքը մեծ բան է Միջին Արեւելքի մէջ: Մարդ պէտք է յարգուած ըլլայ , եւ առանց աշխատանքի ան այդպիսին չի կրնար ըլլար», ու կ'աւելցնէ «Աշխատանք ունենալը նաեւ կարեւոր է նոր միջավայրին շուտ ընտելանալու համար»:
Աֆէեան կը հաւատայ, որ փախստականները կը ցնցուին ՝ երբ նոր կը հասնին, ու կ'աւելցնէ, որ աշխատանք գտնելը կարեւոր է յաջող կերպով նոր կեանք մը սկսելու համար:
Ան համոզուած է, որ ժամանակի ընթացքին այս հարցերու շուրջ խօսելով, անոնք պիտի գիտակցին, որ իրենք այլեւս լիարժէք գանատացիներ են, որ իրենց զաւակները գանատացի են, իսկ Գանատան իրենց տունն է:
Աֆէեան կը յայտնէ, որ Գանատացի զգալու համար ամենակարեւորը անգլերէն խօսիլն է, սկսիլ անգլերէն խօսիլ, եւ նաեւ ֆրանսերէն, յատկապէս՝ Քէպէքի մէջ:
Այս կապակցութեամբ ան ըսած է, որ Մարտ ամիսէն սկսեալ Քէպէքի կառավարութեան կողմէ ուսուցիչ պիտի տրամադրուի, անվճար կերպով շաբաթական երկու օր իր գործարանէն ներս ֆրանսերէնի դասեր տալու համար: Սուրիացի փախստական պաշտօնեաները յաւելեալ ժամ մը պիտի մնան իրենց աշխատանքի վայրը, մասնակցելու համար դասերուն , սակայն անոնք պիտի վճարուին այդ յաւելեալ ժամերուն համար: «Պիտի քաջալերենք բոլորը, որպէսզի մասնակցին դասերուն, եւ անոնց պիտի սորվեցնենք «ոչ» չըսել» կ'ըսէ ան ժպտալով:
Բացի լեզու սորվեցնելէն, Աֆէեան եւ իր ղեկավար տնօրէնները փախստականներուն պիտի սորվեցնեն նաեւ տարրական գիտելիքներ Գանատայի առօրէական կեանքին համար:
Բոլոր Գանատացիները չեն, որ փախստականներու գործ կրնան առաջարկել, սակայն անոնք բոլորն ալ կրնան օգնել, որ շուտ շաղուին միջավարին հետ եւ ընդունուին, ոչ թէ որպէս փախստականներ, այլ որպէս նոր Գանատացիներ:
Ան կը յիշէ թէ ինչ ապրումներ ունեցած էր ինք իր 16 տարեկանին, հաստատուելով նոր երկրի մէջ, ուր իր հետ պատահած ամենալաւ դէպքը իր ընկերներէն մէկուն տունը ընթրիքի հրաւէր ստանալը եղած էր:
«Սուրիացիները պէտք ունին զգալու, որ Գանատայի հասարակութեան մաս կը կազմեն» եզրափակեց ան:
Նիւթի աղբիւր՝ Huffington Post