image

Մօտալուտ պատերա՞զմ Եգիպտոսի եւ Սուտանի միջեւ

Մօտալուտ պատերա՞զմ Եգիպտոսի եւ Սուտանի միջեւ

Եգիպտոսի եւ Սուտանի միջեւ սահմանային գիծին վրայ գտնուող Հալայէպ շրջանին վերաբերեալ վերջիններուս միջեւ կնքուած համաձայնագիր գոյութիւն ունի, ըստ որուն, Հալայէպի մէջ եգիպտական ոստիկանական ուժեր պիտի տեղակայուին, սակայն շրջանի բնակչութիւնը ո'չ Եգիպտոսի ենթակայ պիտի ըլլայ, ո'չ Սուտանի, եւ զերծ պիտի մնան երկու երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններուն մասնակցելու պարտաւորութենէն:

Վերջերս սակայն, Եգիպտոսի իշխանութիւնները խախտած են պայմանաւորուածութիւնը, եւ Հալայէպ շրջանին մէջ ընտրութիւններ իրականացուցած են, բան մը, որ Սուտանի զայրոյթն առաջացնելով պատճառ դարձած է, որ վերջինս Գահիրէէն ետ կանչէ Եգիպտոսի մօտ իր դեսպանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Նշենք նաեւ, որ եգիպտական կողմը մեղադրանք ուղղած է Սուտանին, թէ վերջինս Եգիպտոսէն փախած «Իսլամ եղբայրներ» ծայրահեղականներուն ապաստան կու տան ու կ'աջակցին անոնց: Եգիպտոս մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ վերջերս Թուրքիոյ նախագահի այցի ծիրին մէջ վերջինիս «Իսլամ եղբայրներ» շարժման ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումներուն եւ կնքած ռազմական համաձայնագիրներուն շուրջ: