Ղազախիստանի Ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահի տեղակալը յայտարարած է, որ ներկայիս 390 ղազախ երեխայ Սուրիա կը գտնուի, եւ իրաւասու մարմինները համապատասխան գործողութիւններ կ'իրականացնեն, զիրենք երկիր վերադարձնելու նպատակով, կը գրէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Խորհրդարանի կողմէ առաջադրուած՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի օրէնքի փոփոխութեան քննարկման ժամանակ Փիլիսպիքով նշած է, որ երեխաներու յստակ թիւը որոշել անհնար է, սակայն բոլորը ողջ են, աւելցնելով, որ ըստ իրենց փոխանցուած տեղեկութիւններուն, ղազախ երեխաներէն ոմանք ռմբակոծութեան ենթակայ վայրեր կը գտնուին: