ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը զգուշացուցած է Սուրիոյ արեւելեան շրջանին մէջ մարդասիրական վիճակի «կտրուկ վատացումէն», յատկապէս ապրիլէն ի վեր 100 հազար մարդու գաղթէն ետք:
Օպրայըն երէկ Անվտանգութեան խորհուրդին ներկյացուցած է Միջին Արեւելքի իրավիճակի մասին եւ նշած, որ շատ կարեւոր է տարբեր ուղիներով մարդասիրական օգնութիւններ հասցնել եւ այդ տարածաշրջաինն մէջ, յատկապէս՝ Սուրիոյ, դիւրացնել մարդասիրական կազմակերպութիւններու գործը, նշելով, որ շուրջ 7 միլիոն սուրիացի երեխայ կ'ապրին աղքատութեան գիծէն ցած կարգավիճակի մէջ:
Օպրայըն նաեւ յայտնած է, որ վերջին շաբաթներուն առնուազն 100 խաղաղ բնակիչներ, որոնց շարքին կիներ եւ երեխաներ, զոհուած են Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի շրջաններուն վրայ միջազգային դաշինքի իրականացուցած յարձակումներուն հետեւանքով:
Մարդասիրական հարցերու գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը նաեւ նշած է, որ 30 երեխայ եւ կին վնասուած են անցեալ շաբաթ, Տէր Զօրի վրայ «Տահէշ»ի իրականացուցած ռմբակոծութեան պատճառով: