image

Լը Փեն կը զրկուի պատգամաւորի անձեռնմխելիութենէն. Պատճառը «Տահէշ»ի լուսանկարներն են

Լը Փեն կը զրկուի պատգամաւորի անձեռնմխելիութենէն. Պատճառը «Տահէշ»ի լուսանկարներն են

Ֆրանսայի Ազգային միութիւնը զրկած է Մարին Լը փենը պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն, «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման լուսանկարներու տարածման շուրջ անոր հետ ընթացող հարցաքննութիւններուն որպէս արդիւնք, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:

Նշենք, որ Լը փեն 2015 թուականին իր թուիթըրեան էջին «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման մասին գովազդող դաժան լուսանկարներ հրապարակած էր:

Լուսանկարներու հրապարակման նպատակը հաղորդավար Ժան Ժագ Պորտանի արարքին դէմ ընդդիմանալն էր, որ իսլամագէտ Ժիլ Քիպիլի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած էր «Տահէշ»ի եւ Ազգային ճակատի միջեւ եղած ոչ թէ անմիջական, այն ընդհանուր կապին: