Լիբանանի Նապաթիէ շրջանին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 80-ը անց հիւանդի մը վիճակը վատթարացած է:
Հիւանդին վիճակը կը պահանջէր անմիջապէս հիւանդանոց տեղափոխուիլ, սակայն անոր ընդունելու ազատ տեղ չէ եղած, ո՛չ Նապաթիէի Կառավարական հիւանդանոցին մէջ, ո՛չ ալ՝ Սայտայի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Տէր ալ-Զահրանիի ճգնաժամային շտապի ղեկավար Քասէմ Թուֆայլին այս հարցով դիմած է Առողջապահութեան նախարարին եւ բոլոր պատասխանատու կողմերուն, պահանջելով արագօրէն լուծել վարակակիրը հիւանդանոց ընդունելու հարցը : Ան նաեւ հետաքրքրուած է Նապաթիէի եւ Սայտայի հիւանդանոցներու հիւանդներ ընդունելու տարողունակութեան մասին, մտահոգութիւն յայտնելով, որ «դեռ վարակի բռնկման սկիզբն ենք, ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ կորսնցնենք վերահսկողութիւնը»:
Շարունակելով հետեւիլ հիւանդի վիճակին, աղբիւրը կը նշէ, որ «Նապիհ Պըրրի» համալսարանական հիւանդանոցի տնօրէն տօքթ. Հասան Ուազնան յայտնած է, որ իրենց մօտ «Քորոնա»ի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ ներկայիս միայն մէկ ազատ անկողին կայ: Աւելի ուշ սակայն Առողջապահութեան նախարարութենէն հաստատած են, որ հիւանդին եւ անոր կնոջ համար, որ նոյնպէս վարակուած է, երկու անկողին ապահովուած է «Ռաֆիք Հարիրի» համալսարանական հիւանդանոցին մէջ եւ անոնք տեղափոխուած են Պէյրութ։
Ամէն պարագայի ներկայացուած լուրը կը բացայայտէ, թէ ինչպիսի բարդ իրակիճակի մէջ յայտնուած են Պէյրութէն դուրս գտնուող հիւանդանոցները, յատկապէս այն առումով, որ վարակը վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին սկսած է մոլեգնիլ։