image

Լիբանանի անվտանգութիւնը կը զգուշացնէ բոլոր փախստականներն եւ ապաստանեալները

Լիբանանի անվտանգութիւնը կը զգուշացնէ բոլոր փախստականներն եւ ապաստանեալները

Ամրան եղանակին երբ կը սկսի «լողալ սիրողներու» ծովափ, գետափ եւ այլ ջրառատ վայրեր յաճախումը, դժբախտաբար կը բարձրանայ նաեւ խեղդուողներու թիւը, յատկապէս՝ մանուկներու, փախստականներու եւ ապաստանեալներու շարքերէն:

Լիբանանի Ներքին Անվտանգութեան ուժերը մարդոց առողջութիւնն ու կեանքերը փրկելու մտահոգութեամբ՝ կարեւոր զգուշացումներ կատարած է, յանձնարարելով խուսափիլ լողալու չյատկացուած վայրերու՝ գետերու եւ ջրամբարներու մէջ լողալէ, ինչպէս նաեւ բարձր վայրերէ նետուելէ:

Անվտանգութեան հրապարակած գիրին մէջ մասնաւորապէս կը զգուշացուի մանուկներու լողալը՝ առանց մեծահասակի հսկողութեան: