Լիբանանցի քաղաքական յայտնի գործիչ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Twitt մը ընելով դրուատիքով խօսած է հայ ժողովուրդի ապրելու կամքին մասին: Ժոմպլաթ, որ իր կարծիքը գրած է այսօր արաբական աշխարհը հարուածող «երկրաշարժ»ին մասին (բառը ՝ Ժոմպլաթինն է) ըսած է, որ արաբները այսօր ինքնութեան ցեղասպանութեան մը կ'ենթարկուին, ինչպէս ասկէ 100 տարի առաջ նոյն ճակատագրին ենթարկուած են հայերը: Տիւրզի համայնքի գլխաւորագոյն առաջնորդը զուգահեռներ գծելով այսօր տիրող իրավիճակին եւ անցեալին մասին ըսած է, թէ «տարիներ առաջ հայութիւնը եւս ենթարկուեցաւ ցեղասպանութեան թուրք ազգայնականներու կողմէ եւ սակայն կարողացաւ դիմակայել եւ ոտքի մնալ»: Նշենք, որ Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնի է, ոչ միայն որպէս քաղաքական հմուտ գործիչ այլ, որպէս իրատես վերլուծաբան: Ան որդին է Քամալ Ժոմպլաթին, որ հիմնադիրն էր Յառաջդիմական- ընկերվարական կուսակցութեան եւ, որ սպաննուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախաշեմին 1977 թուականին: