Պրազիլի նախագահ Միշէլ Թամէր կրնայ դատարանի առջեւ կանգնել եւ նոյնիսկ վար առնուիլ նախագահական աթոռէն: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ ֆրանսական AFP լրատուական գործակալութիւնը: ղբիւրը կը նշէ, որ Պրազիլի սահմանադրական դատարանի նախագահ Ռոտրիկո Ճանո դատական հայց պիտի ներկայացնէ նախագահ Թամէրի դէմ զայն ամբաստանելով դրամական մեծ կաշառք ստանալու ծանր մեղադրանքով: Ըստ Ճանոյի Թամէրի ստացած կաշառքը, որ կապ ունի երկրէն արտահանուող փաթեթաւորուած միսի գործարքի մը հետ կրնայ հասնիլ հազար ամերիկեան տոլար: