image

Լիբանան. ՏԱՀԷՇ-ի հետ համագործակցողներ ձերբակալուած են

Լիբանան. ՏԱՀԷՇ-ի  հետ համագործակցողներ ձերբակալուած  են

Լիբանանի ապահովական մարմիններու ձեռնարկած հակահաբեկչական պայքարին ծիրէն ներս երկրի հիւսիսային մայրաքաղաք համարուող Թրիփոլի քաղաքին մէջ բանակային ուժեր լայնածիր խուզարկումներ կատարած են: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ապահովական մարմիններու իրականացուցած խուզարկումներուն հետեւանքով ձեռբակալուած են տասնեակ մեղադրեալ, որոնք կը կարծուի թէ կապ ունին ՏԱՀԷՇ ահաբեկչական խմբաւորման հետ: Կը փոխանցուի նաեւ, որ ձերբակալեալներուն մօտ յայտնաբերուած է մեծ քանակութեամբ զէնք, ռումբեր եւ նռնակներ, ինչպէս նաեւ տարաբնոյթ տեսակի քարտէզներ: