Սուրիոյ եւ Լիբանանի իրաւասու մարմիններու կողմէ կը շարունակուին նախապատրաստական աշխատանքները, լիբանանեան Հարմէլ եւ սուրիական Հոմս նահանգներու միջեւ սահմանային անցակէտը վերաբանալու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Այս առթիւ Լիբանանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գլխաւոր քարտուղար Ապպաս Իպրահիմ Հարմէլ նահանգ կատարած իր այցի ընթացքին յայտնած է, որ անցակէտի վերաբացումը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ ուրբաթ:
Իր հերթին Ժուսիէ աւան կատարած իր այցի ժամանակ Սուրիոյ Ներքին գործոց նախարար Մուհամմատ Շաար շեշտած է, որ Սուրիա-Լիբանան յարաբերութիւններն աւելին են քան աշխարհագրական դիրքը, եւ սուրիական կողմը պիտի ձգտի ամէն ջանք ի գործ դնել, Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները դրական հունի մէջ պահելու ի խնդիր:
Նշենք, որ սահմանային անցակէտը փակուած էր 2012 թուականին, երբ «Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներն իրենց տիրապետութեան տակ առին Ժուսիէ աւանը: