Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ապրող Հրեայ կրօնաւոր մը կը շարունակէ իր հակահայ գործունէութիւնը:Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Լոս Անճելոսի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Երուսաղէմ ծնած եւ ներկայիս Նիւ Եորք ապրող հրեայ կրօնաւորը կը կոչուի Րապպի Իսրայէլ Պարուք: Պարուքի հակահայ գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր իր ներքին լսարաններուն մօտ հակահայ քարոզչութիւն տանելով, այլ ան տասնեակ հրապարակումներ կատարած է, ուր ծանր եւ անհիմն մեղադրանքներ ընելով այպանած է հայութիւնը: Պարուք կ'ըսէ, թէ հայերը նախայարձակ եղած են Ազրպէյճանի վրայ եւ բռնագրաւած անոր հողերէն մաս մը: Ան շարունակելով իր ստապատիր մեղադրանքները կը գրէ, թէ հայերը կը կատարեն Տահէշի դերը Կովկասի մէջ: Մեր աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ Իսրայէլ Պարուքի յօդուածները զարմանալիօրէն լոյս կը տեսնեն Երուսաղէմ տպագրուող The Times Of Israel պարբերականին մէջ: