image

Իսրայէլ կապ ունէ՞ր նախագահ Ճոն Քէնէտիի սպաննութեան հետ

Իսրայէլ կապ ունէ՞ր  նախագահ  Ճոն  Քէնէտիի սպաննութեան հետ

ԱՄՆ նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի սպանութեան մասին մանրամասներ պարունակող գաղտնի փաստաթուղթերու հրապարակումը նորութիւններ բացայայտած է, կապուած Քենետիի սպանութեան գլխաւոր մեղադրեալի Իսրայէլ կատարած այցին հետ: Այս մաին կը հաղորդէ «Sky News» լրատուական կայքը:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ ոմանց պնդմամբ, սպանութեան «պաշտօնական մեղադրեալ» Լի Հարվի սպանութեան միակ կազմակերպիչն է: Այս կարծիքներն  առաւել ամրապնդուած են, երբ վերջերս հրապարակուած փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ նշուածէն պարզ դարձած է, որ Լի Հարվին սպանող Ժագ Ռուպի 1962 թուականի մայիսի 17-էն մինչեւ յունիսի 7 իր կնոջ հետ Իսրայէլ գտնուած է:

Տարիներէ ի վեր գաղտնի պահուած փաստաթուղթերու հրապարակումը, ըստ «Sky News»ի, նպաստած է տասնամեակներ շարունակ Քենետիի սպանութիւնը Իսրայէլի հետ կապող կարծիքներու ամրապնդման, մանաւանդ նկատի ունենալով այն նամակները, որոնք փոխանակուած են Քենետիի եւ Եգիպտոսի օրուան նախագահ Ճամալ Ապտ Ալ Նասէրի միջեւ, որոնց մէջ կը քննարուէր Պաղեստինեան հարցը, եւ ըստ տարածուած լուրերու, վերջիններս որոշած էին իրենց հովանաւորութեամբ լուծել Պաղեստինեան հարցը:

Նշենք, որ անցեալին նոյնպէս առաջ քաշուած էր Քենետիի սպանութեան մէջ Իսրայէլի առնչութեան վարկածը, նկատի ունենալով, որ Քենետի իր նախագահութեան օրօք դէմ արտայայտուած էր իսրայէլեան միջուկային նախագիծին, եւ իր կողմէ մասնագէտներու խումբեր ուղարկած էր Իսրայէլ, ստուգելու համար ծրագիրի անվտանգութիւնը, որուն հետեւանքով ալ յայտնուած էր մոսատի ուշադրութեան կեդրոնը: