«Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը այս անգամ սպանութեան նոր սպառնալիքով մը հանդէս եկած է, ուղղուած Անգլիոյ երրորդ կարգի գահաժառանգ Ճորճի դէմ, որ արքայազն Ուիլիըմի որդին է:
Բրիտանական «Mirror» թերթի փոխանցմամբ, «Իսլամական Պետութիւն»ը «Թելեկրամ» յաւելուածի միջոցով շարք մը հաղորդագրութիւններ ուղարկած է տարբեր մարդոց, որոնց մէջ կը սպառնայ սպաննել Բրիտանիոյ թագաւորական ընտանիքի փոքր երեխան՝ 4-ամեայ արքայազն Ճորճը:
Ըստ աղբիւրին, համացանցի վրայ ահաբեկիչներու շարժումները հետապնդող հետախուզական մարմինները բացայայտած են նշուած հաղորդագրութիւնները, ինչպէս նաեւ ընկերային կայքերէն մէկու էջերուն «Տահէշ»ի պատկանող կայանը ցուցադրած է արքայազն Ճորճի լուսանկարը, ուր վերջինս կանգնած է դպրոցի դրան առջեւ: Լուսանկարը «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ մակագրուած է. «Անհաւատները փամփուշտով պիտի հալածենք»:
Նշենք, որ աւելի վաղ նոյն ահաբեկչական խմբաւորումը սպանութեան սպառնալիք ուղղած էր արքայազն Հարիին: