Լիբանանի շիիթ իսլամներու համայնքապետ Շէյխ Մոհամմէտ Քապալան երկրի նախագահը Մոհամմէտ Միշէլ Աուն անուանած է: Այս մասին կը գրէ «Ալ Ժումհուրիյա» պարբերականը նշելով, որ Քապալանի այս անուանումը եղած է երէկ Պքէրքէի մէջ տեղի ունեցած իսլամ-քրիստոնեայ ղեկավարներու արտակարգ ժողովին: Քապալան ըսած է, որ «Աուն միայն քրիստոնեաները չի ներկայացներ, այլ նաեւ կը ներկայացնէ մեզ ՝ իսլամներս: Նախագահին յատկապէս Երուսաղէմի դատին հետ կապուած խիզախ կեցուածքներուն համար ալ ես զինք Մոհամմէտ Միշէլ Աուն պիտի անուանեմ»: Շէյխ Քապալանի խօսքը ընդհատուած է ծափողջոյններով եւ ներկաները զարմացած են անոր ըրածին ի տես:
Յիշեցնենք, որ երէկ տեղի ունեցած Պքէրքէյի ժողովը աւարտին հրապարակուած էր հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնակիցները «բաց թեքստ»ով ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբէն պահանջած էին ետ կանգնիլ իր առած քայլէն եւ ետ քաշել Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու իր ընդունած արաբ-քրիստոնէական եւ իսլամական աշխարհին համար անընդունելի որոշումը: