image

Իրատեսակա՞ն է Դամասկոսը հարուածելու Ամերիկայի ծրագիրը

Իրատեսակա՞ն է Դամասկոսը հարուածելու Ամերիկայի  ծրագիրը

Ռուսական բանակը երէկ Դամասկոսի դէմ ծովէն թեւաւոր հրթիռներ գործադրելու վերաբերեալ ԱՄՆ-ի մտադրութիւնը բացայայտած էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը, նշելով, որ Ռուսիա նաեւ կը մեղադրէ Ուաշինկթընը Թանաֆ ռազմակայանին մէջ զինելներ վերապատրաստելու մէջ, որպէսզի քիմիական յարձակումներ իրականացնեն եւ այդ ուղղութեամբ Սուրիոյ ռեժիմին մեղադրանք առաջացնէ:

 

Ռուսաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի գործողութիւններու սենեակի նախագահ Սերկէյ Ռոտսկոյ,  երէկ պաշտպանութեան նախարարութեան կազմակերպած մամլոյ ասուլիսին յայտարարած է, որ նշաններ կան , որ Ուաշինկթընը կը պատրաստուի թեւաւոր հրթիռային հարուածներ սկսիլ ծովային իր նաւատորմէն, յատկապէս Միջերկրական ծովու արեւելեան կողմէն, Արաբական ծոցի եւ  Կարմին ծովու կողմէն: