
Իրաք- Իրաքեան թատրոնի արժանաւոր անուններէն համարուող Ազատուհի Սամուէլ-Լաչինեան յայտնուած է ծանր իրավիճակի մը մէջ: Այս մասին գրած է արաբական «Ալ Ախպար» օրաթերթը: Թերթը նաեւ կը յայտնէ, որ տասնեակ թատերական բեմադրութիւններու մէջ կեդրոնական դերեր ստանձնած Ազատուհի, որ վերջին շրջանին կը ծառայէ անկողնին առողջապահական ծանր վիճակի մը մէջ ըլլալով օգնութեան կարիք ունի: Ազատուհի Սամուէլ, որ յայտնի է որպէս իրաքեան թատրոնի «սուրբ»ը, 73 տարեկան է: Հայազգի դերասանուհին մասնակցութիւն բերած է տասնեակ բեմադրութիւններու, որոնցմէ յիշատակութեան արժանի են «Փոթորիկը», «Արմաւենին եւ հարեւանները», «Մեռելներու յեղափոխութիւնը» (բոլորն ալ իրաքցի հեղինակներու թատերակներ) եւ այլ գործեր: Սամուէլի թատերական բեմին վրայ վերջին անգամ երեւցած է 2006 թուականին, երբ ան մասնակցած է Իրաքցի բեմադրիչ Քազէմ Նասսարի բեմադրած «Պատերազմի կիներ» թատերակին: