image

Իրանի նախագահը խօսած է Հարիրիի հրաժարականին մասին. «Ան պարտադրուած էր»

Իրանի նախագահը խօսած է Հարիրիի հրաժարականին մասին. «Ան պարտադրուած էր»

Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի զգուշացուցած է Սէուտական Արաբիան «Իրանի ուժէն եւ դիրքէն», ակնարկելով վերջին շրջանին զոյգ երկիրներու միջեւ հակամարտութեան սրման, մանաւանդ Եէմէնի հարցին շուրջ:

Իրանի պաշտօնական հեռուստակայանի սփռած նախարարական խորհուրդի նիստի ժամանակ Ռոհանի, իր խօսքն ուղղելով Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարներուն, ըսած է. «Շատ լաւ գիտէք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ուժին ու դիրքին մասին: Ձեզմէ շատ աւելի մեծ ուժեր չկարողացան ընկճել իրանցի ժողովուրդին հաստատակամութիւնն ու ուժը»:

Շարոէնակելով դիմել Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն, Ռոհանի հարց ուղղած է. «Ինչո՞ւ թշնամաբար կը վերաբերիք Սուրիոյ եւ Իրաքի ժողովուրդներուն, ինչո՞ւ կ'աջակցիք «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման, Ինչո՞ւ միջամուխ կ'ըլլաք Լիբանանի կառավարութեան հարցերուն: Սէուտական Արաբիոյ նոր ղեկավարները պէտք է դադրին տարածաշրջանի ժողովուրդներուն դէմ թշնամական վերաբերմունքէն»:

Միաժամանակ Ռոհանի մեղադրած է Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները,  Լիբանանի վարչապետ Հարիրիին հրաժարականի պարտադրելու մէջ. «Ինչո՞ւ կը միջամտէք Լիբանանի կառավարութեան ներքին խնդիրներուն մէջ: Պատմութեան մէջ չենք հանդիպած երկրի մը, որ այսքան միջամտէ այլ երկրի հարցերուն եւ ստիպէ անոր ղեկավարին հրաժարիլ: Այս մէկն աննախադէպ է տարածաշրջանի պատմութեան մէջ»: