image

Իրանի մէջ ծանր վիճակ. Մէկ օրուան մէջ 75 զոհեր

Իրանի մէջ ծանր վիճակ. Մէկ օրուան մէջ 75 զոհեր

Իրանի մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին գրանցուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 429 նոր դէպք: Վարակուածներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 1075: Մէկ օրուան մէջ գրանցուած է մահուան 75 դէպք, իսկ զոհերու ընդհանուր թիւը կը հասնի 429-ի:

11 Մարտին հաղորդուած է մահուան 63 դէպքի մասին, եւ այդ թիւը մրցանշային է եղած է:

Այս պահուն Իրանը աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման եւ մահացութեան առումով երրորդ տեղը կը զբաղեցնէ: Առաջին տեղը կը գրաւէ Չինաստանը, երկրորդը՝ Իտալիան: