image

Իրան յայտարարեց ուրանի հարստացման նոր փուլի սկիզբի մասին

Իրան յայտարարեց ուրանի հարստացման նոր փուլի սկիզբի մասին

Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին յայտարարած է, որ Իրանը նոր քայլեր պիտի ձեռնարկէ՝ 2015 թուականի միջուկային գործարքի հետ կապուած  պարտաւորութիւնները նուազեցնելու համար։ Այս մասին կը գրէ reuters-ը։

Ռոհանին պետական հեռուստաընկերութեան ուղիղ եթերի ժամանակ ըսած է, որ «Ֆորտոու» աթոմակայանին մէջ ուրանի կազ պիտի լեցնեն մեքենաներուն մէջ։

Այս քայլը կը հակասէր 2015-ի միջուկային գործարքին, քանի որ անցեալին մեքենաները դատարկ էին, առանց կազի ներարկման:

Կը նշուի, որ իր յայտարարութեան մէջ Ռոհանին չէ ըսած, թէ արդեօք այդ մեքենաները կրնան օգտագործուիլ հարստացուած ուրան արտադրելու համար, թէ ոչ։

Ռոհանին շեշտած է, որ մինչ այժմ ձեռնարկուած քայլերը, սահմանափակումները կրնան կրկին պահպանուիլ, Եւրոպան անոր համար միջոցներ առաջարկէ՝ խուսափելու ԱՄՆ պատժամիջոցներէն, որոնք կ'ազդեն իրանական նաւթի վաճառքի վրայ:

Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ նախագահը յայտարարած էր, որ իր երկիրը դուրս պիտի գայ Իրանի միջուկային ծրագրի համաձայնագրէն եւ կրկին պատժամիջոցներ սահմանեց Իրանի դէմ: