image

Ինչո՞ւ Պըն Սալման մերժեց ընդունիլ Հարիրին

Ինչո՞ւ Պըն Սալման մերժեց ընդունիլ Հարիրին

Հակառակ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամմատ  Պըն Սալմանը համոզելու ուղղութեամբ Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի ջանքերուն, որպէսզի վեջինս հանդիպի Լիբանանի վարչապետ Հարիրիի հետ,  ան  կտրականապէս կը մերժէ առաջարկուած հանդիպման կայացումն ու կը յայտնէ, թէ Հարիրի որեւէ ժամանակ կրնայ գալ Սէուտական Արաբիա ու տեսակցիլ իր ընտանիքի անդամներուն հետ, սակայն որպէս սովորական քաղաքացի եւ ոչ Լիբանանի վարչապետ:

Ըստ «Ալ Տիար»ին, Սէուտական Արաբիա չի ճանչնար Հարիրիի հրաժարականէն ետ կանգնելու որոշումը, իսկ Պին Սալմանի մերժման պատճառն այն է, որ Հարիրի Ռիատէն յայտարարեց իր հրաժարականը, հետեւաբար պէտք էր վերադառնար Սէուտական Արաբիա, այնտեղի իշխանութիւններուն հետ քննարկէր հրաժարականէն ետ կանգնելու որոշումը:

Պին Սալմանի մօտիկ գտնուող աղբիւրներուն փոխանցմամբ, Պին Սալման զայրացած է Հարիրիի նման արարքէն, եւ կը համարէ, որ նման պահուածք արհամարհական է Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական արքունիքին նկատմամբ: