image

Ի՞նչ պայմաններու տակ Սուրիա կրնայ վերամիանալ Արաբական Լիկային. Պուսայնա Շաապանի բացայայտումը

Ի՞նչ պայմաններու տակ Սուրիա կրնայ վերամիանալ Արաբական Լիկային. Պուսայնա Շաապանի բացայայտումը

Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան յայտարարած է, որ Արաբական պետութիւններու լիկան, որուն վերստին մաս կազմել կ'ուզէ Սուրիա, արաբական երկիրներու դէմ դաւադրութիւններ նիւթող լիկա մը պիտի  չըլլայ: Այս   մասին  կը գրէ սուրիական «Ալ Ուաթան» թերթը նշելով, որ   Շաապան նման յայտատարութիւն կատարած է  Սուրիոյ մօտ Ալճերիոյ դեսպանութեան կազմակերպած ընդունելութեան  ժամանակ: Սուրիացի    կին գործիչը   նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղած է Ալճերիոյ Արտաքին գործոց նախարարին, որ անցեալ ամիս կոչ ուղղած էր Սուրիան կրկին ընդգրկելու Արաբական պետութիւններու լիկայի կազմին մէջ, միաժամանակ յայտարարելով. «Մենք մեր ուրոյն մօտեցումն ունինք Արաբական պետութիւններու լիկային, ուր կը ցանկանք վերադառնալ»:

Իր հերթին Սուրիոյ մօտ Ալճերիոյ դեսպան Սալէհ Պուշա յայտնած է, որ Սուրիոյ պէտք է իր տեղն զբաղեցնէ տարածաշրջանի եւ աշխարհի մէջ, որպէս հարուստ պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող ինքնիշխան երկիր: