Սէուտական լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ Հուսիները մերժած են Եէմէնի սպաննուած նախագահ Ալի Ապտ Ալլահ Սալէհի դիակը յանձնել իր ընտանիքին, մինչեւ վերջիններս չընդունին իրենց պայմանները:
Ըստ Սալէհի ընտանիքին մօտիկ աղբիւրներուն, Հուսիները դիակը յանձնելու դիմաց պայման դրած են, որ յուղարկաւորութեան եւ ցաւակցութեան արարողութիւններ պիտի չկազմակերպուին:
Աղբիւրները յայտնած են նաեւ, որ Սալէհի ընտանիքը հրաժարած է Հուսիներու պայմանը կատարելէ, որուն պատճառով ալ դիակը մինչեւ այս պահը տակաւին կը գտնուի Հուսիներու մօտ: