image

Հուսիներու հրթիռները ԱՄԷ՞ հասած են

Հուսիներու հրթիռները ԱՄԷ՞ հասած են

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտօնական լրատուական գործակալութիւնն իր թուիթըրեան էջին գրառում մը կատարելով յայտնած է, որ երկրի Արտակարգ իրավիճակներու ազգային մարմինը հերքած է հուսիներու կողմէ ԱՄՆ-ի մէջ գործող ատոմակայանին ուղղութեամբ հրթիռ արձակուելու մասին տարածուած լուրերը:

Գրառման մէջ նշուած է նաեւ, որ ԱՄԷ-ի ունեցած օդային պաշտպանութեան համակարգը այնքան արդիական է, որ կրնայ որեւէ սպառնալիք չէզոքացնել, իսկ «Պարրաքա» ատոմակայանը ամէն տեսակի վտանգներու դէմ պաշտպանուած է:

Նշենք, որ գռարումէն ժամեր առաջ հուսիները իրենց պաշտօնական «Ալ Մասիրա» կայանէն յայտարարած էին, թէ «Քրուզ» տիպի հրթիռ մը արձակած են Ապու Տապիի «Պարրաքա» ատոմակայանին վրայ, աւելցնելով, որ հրթիռն ամենայն ճշգրտութեամբ խոցաց էր իր թիրախը:

Եէմէնի կառավարական ուժերու անունով հանդէս եկող աղբիւրը «Անատոլու» գործակալութեան յայտնած է, որ Ապու Տապիի մօտակայքի ինկած «Քրուզ» տիպի հրթիռը չէ պայթած: