Հոմսի քաղաքի շուկաներու վերաշինութեան աշխատանքները կը շարունակուին, պատրաստուելով վերագտնել իրենց անցեալի կենսունակութիւնը:
Ըստ «Ալ Տիար» լրատուական կայքին, ներկայիս տեղի կ'ունենան նաեւ պատմական Հոմսի պատմական շուկայի վերանորոգման աշխատանքները, որ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ յարձակումներու ենթարկուելով քանդուած էր, այնուհետեւ աւելի քան երկու տարի հանդիսացած էր վերջիններուս ռազմական կեդրոնը:
Վերաշինութեան աշխատանքները կ'իրականացուին ու կը վերահսկուին շարք մը տեղական ու միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ, եւ նախատեսուած է խանութներու վերանորոգումէն ետք զանոնք ապահովել ելեկտրականութեամբ, ջուրով ու հեռախօսակապով: