Ուրեմն ներկայիս ընթացքի մէջ գտնուող վարակը բնորոշելու, այիսնքն՝ անոր մէկ յատկաութիւնը անուանելու համար շրջանառւթեան մէջ մտած է Pandémie բառը, որ նոր չէ:
Լեզուական նախանձախնդրութիւն ունեցող հայեր զայն բառացի թարգմանեցին համավարակ, որ այսօր կը կիրարկուի շատերուն կողմէ, մինչ ուրիշներ կը կիրարկեն պարզապէս տառադարձուած տարբերակը՝ պանդեմիա:
Ըստ այսմ՝ pan- թարգմանուած է համա- ինչպէս շատ ուրիշ բառերու մէջ. օրինակ՝ panarménien – համահայկական, paneuropéen – համաեւրոպական, panturquisme – համաթրքութիւն եւ այլն:
Իսկ -démie արմատը թարգմանուած է -վարակ, մինչ անցեալին զայն թարգմանած ենք ճարակ, օրինակ՝ համաճարակ - épidémie բառին առթիւ:
Համաճարակը եւ համավարակը այնքան ալ տարբեր բաներ չեն. վարակի մը տարողութիւնը բնորոշելու կը ծառայեն երկուքն ալ. առաջինը կը բնորոշէ շատ մեծ թիւով մարդիկ սպաննելու՝ ճարակելու (ուտելու) յատկութիւնը, երկրորդը՝ շատ մեծ թիւով մարդիկ վարակելու յատկութիւնը:
Առաջին եզրակացութիւն
Շատ պատեհ, շատ տեղին ու վայելուչ թարգմանութիւն մըն է եղածը, որ պատիւ կը բերէ նախ՝ հայերէնի գերազանց որակին, որ այսքան կը դիւրացնէ միջազգային հասկացութիւններու թարգմանութիւնը, միւս կողմէ՝ նաեւ զայն յղացող ու կիրարկող հայորդիներուն:
Որքան մեծ գոհունակութիւն է այս, երբ կը մրցինք օտար լեզուներու հետ՝ առանց մուրացկանութեան, առանց ձեռք երկարելու օտարաբանութեան, առանց մասնակի կամ ամբողջական ամօթալի փոխառութեան:
Հպարտանալու ամէն իրաւունք ունինք, երբ կը մտածենք, որ մարդկութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը ոչ մէկ ճիգ թափած է,– չէ համարձակած թափել,– իր լեզուով թարգմանելու զայն եւ գոհացած է որդեգրելով նոյն անունը, որ է Pandémie՝ ծագումով յունական եզրը:
* *
*
Հիմա տեսնենք, թէ ճիշդ ի՛նչ կ’արժէ ինքը՝ այդ յունական եզրը, որքանո՞վ ճիշդ կը թարգմանէ ան տիրող երեւոյթը, վարակը, անոր տարողութիւնը...
Pan- ուրեմն յունարէն արմատ մըն է, որ կը նշանակէ ամբողջ, բոլոր, համայն, եւ այս վերջին հոմանիշին արմատն ալ կը կիրարկենք մենք՝ թարգմանելու համար յունական այդ արմատը:
Démie՝ սա պարզապէս եւրոպական (այս պարագային՝ ֆրանսական) տառադարձութիւնն է յունարէն demos (δήμος) բառին, որ կը նշանակէ...ժողովուրդ, ռամիկ: Դուք բոլորդ ծանոթ էք այս արմատին démocrate բառին շնորհիւ, որ կը նշանակէ ժողովրդավար կամ ռամկավար, որոնք ունին նոյն նշանակութիւնը:
Ի՞նչ կը տեսնենք այստեղ, բարեկամնե՛ր, պարզապէս կը նկատենք, որ թագաւորը... մերկ է, այո՜՜՜, թագաւորը մե՛րկ է, քանի որ յունարէն բառին մէջ վարակի, մանրէի, ախտի եւ նման հասկացութեան ակնարկող ոչ մէկ բաղադրիչ կը գտնուի: Ան կը նմանի ամանի մը, որուն մէջ ոչ մէկ կերակուր կայ:
Այլ խօսքով՝ եթէ հայերս գոհանայինք մեքենական, բառացի կամ ստուգաբանական ճշգրտութեամբ թարգմանելով Pandémie-ն, ապա պիտի ըսէինք ...համամարդկութիւն, թող ըլլայ համառամկութիւն:
Ուրի՞շ...ուրիշ ի՞նչ,– ուրիշ... ոչի՜՜՜՜նչ:
«Ամանը կայ, ամանումը չկայ»,– կ’ըսէ հայկական առածը:
Երկրորդ եզրակացոււթիւն
Հետեւաբար, այսօր համայն մարդկութիւնը կը կիրարկէ եզր մը, որ բացարձակապէս ոչ մէկ ձեւով կը բնորոշէ զինք ներկայիս հալածող աղէտը: Եւ միայն հայերէնն է, որ կրցած է ճշգրտօրէն բնորոշել զայն:
Ուրեմն, մենք միայն չենք «թարգմանած» այդ օտարաբանութիւնը, զայն լիցքաւորա՛ծ, իմաստաւորա՛ծ ենք, խո՛րք ու բովանդակութի՛ւն տուած ենք անոր՝ մէկ եզրով ալ չէ, այլ երկու՝ համաճարակ եւ համավարակ:
Երկուքն ալ իրարու չափ իմաստալից, խօսուն ու վայելուչ:
Ահա ա՛յս է գերագոյն արժէքը հայերէնին, որ կը յաջողի իր անունով կոչել ու բնորոշել առարկաներն ու երեւոյթները:
Եւ ըսել, որ ունինք այսպիսի քանի՜-քանի՜ ընտիր բառեր՝ տասնեակներով, հարիւրներով, ընդհուպ հազարներով, որոնք կ’անտեսուին եւ իրենց տեղը կը զիջին օտար բառերու խառնիճաղանճին: Յիշեցնելով այն խոզը, որ չի գնահատեր ոտքերուն շաղ տրուած մարգարիտները, այլ կը կոխկռտէ զանոնք ու կ’անցնի՝ հասնելու համար քիչ անդին իրեն սպասող աղբանոցին:
Ինչպէ՞ս բացատրել հայերէնը մերժող կամ զայն կիսովին՝ քիթերնուն ծայրով ընկալողներուն, ի հայրենիս թէ ի սփիւռս, որ երբ տաշտդ լեցուն է հացով, ալ ինչո՞ւ օտար հրապարակներու վրայ փշրանքներ կը մուրաս ուրիշներէն:
* *
*
Յ. Գ.
Ուրեմն համաճարակ եւ համավարակ բառերը մանրէի անուն չեն, այլ կը ծառայեն պարզակէս բնորոշելու որեւէ մանրէի, ախտի, վարակի, հիւանդութեան ներգործութեան տարողունակութիւնը:
ա) Համաճարակը, որ աւելի յաճախուած է մեր բարքերուն մէջ կը շեշտէ անոր ճարակելու, այսինքն՝ սպանելու (ուտելու – յիշեցէք «գլուխը ուտել») ունակութիւնը:
բ) Իսկ համավարակը կը շեշտէ անոր տարածուելու ունակութիւնը: