Հալէպի թեթեւ արդիւնաբերութիւններու ոլորտը պիտի վերականգնուի: Այս մասին այսօր կարճ րէբորթաժ մը սփռեց «Ալ Մայատին» կայանը հաղորդելով, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը կարեւոր ճիգեր կը գործադրէ այդ կենսական ոլորտի վերականգնման համար: Աղբիւրը, որ թեմայի մասին հարցազրոյցներ ունեցած է Հալէպցի անուանի գործարարներու հետ նոյնպէս կը փոխանցէ, թէ Հալէպի արդիւնաբերութեան ոլորտի ներկայացուցիչներուն համար ներկայ պահու դրութեամբ առաջնային կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ելեքկտական հոսանք ունենալու հարցը եւ այդ առումով կառավարութիւնը կարեւոր ճիգեր կ'իրականացնէ փորձելով ապահովել Հալէպ քաղաքի ելեկտրական պահանջը:
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ ներկայ փուլին այդ ոլորտի (թեթեւ արդիւնաբերական ոլորտ) վերականգնումով հնարաւոր պիտի ըլլայ ապահովել Հալէպ քաղաքի կենսական կարիքները:
Գոյութիւն ունի նաեւ արդիւնաբերութեան համար պիտանի հումքի ներածման խնդիր ու մինչ պատերազմէն առաջ այդ հարցը կը լուծուէր Թուրքիոյ ճանապարհով, այսօր այդ հարցի լուծումը բոլորին յայտնի պատճառներով պիտի կատարուի այլ ճանապարհներով: